2016-04-17 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը` ''Լեզւոսի մէջ հանդիպեցայ ցաւին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 17 ապրիլ 2016-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն ''Մարեմեան աղօթքը'' արտասանեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն, ուր Յիսուս կը ներկայանայ որպէս ''Բարի Հովիւ'' եւ կ՛ըսէ ''Ոչխարները կը լսեն իմ ձայնս, ես կը ճանչնամ զանոնք եւ անոնք կը հետեւին ինծի։ Եւ ես կու տամ անոնց յաւիտենական կեանքը, անոնք երբեք պիտի չկորսուին եւ ոչ ոք կրնայ զանոնք իմ ձեռքերէս յափշտակել։ (Յովհ. 10 27-30)։

Այս բառերը մեզ կ՛օգնեն հասկնալու թէ` ոչ մէկը կարող է հետեւիլ Յիսուսին, եթէ մտիկ չ՛ընէր անոր ձայնին։ Ոչ միայն ականջով ունկնդրութիւն մըն է այլ սրտով ունկնդրութիւն'', ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ` Յիսուս մեր առաջնորդն է, մեր վարդապետը, մեր բարեկամը ու տիպարը եւ ամէնէն առաջ, Ան` մեր Փրկիչն է։

Յիսուսի խօսքերը մեզի կը ներշնչեն վստահութիւն, որովհետեւ Անոր ձեռքերուն մէջ մեր կեանքը ապահով է։ Կորսուած ոչխարները փրկելու համար, Հովիւը դարձաւ գառնուկ եւ իր վրայ առաւ աշխարհի բոլոր մեղքերը, ապա իր կեանքը պարգեւեց ու զայն պարգեւեց առատութեամբ։

Ասոր համար մենք այլեւս վախ չունինք, մեր կեանքը կորուստէն փրկուած է։ Ոչ մի բան եւ ոչ մէկը կարող մեզ խլել Յիսուսի ձեռքերէն, որովհետեւ ոչ մի բան եւ ոչ մէկը կարող է յաղթել Անոր սիրոյն։ Չարը` Աստուծոյ ու անոր արարածներուն մեծ թշնամին, ոչ մէկ բան կարող է ընել, եթէ մենք անոր առջեւ չբանանք մեր հոգւոյն դռները։

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ հաւատարմութեամբ ունկնդրեց ու հետեւեցաւ Բարի Հովիւին­ օգնէ մեզի` ուրախութեամբ ընկալելու Յիսուսի, անոր աշակերտները դառնելու հրաւէրը, ու ապրինք միշտ այն վստահութեան մէջ` որ կը գտնուինք Աստուծոյ հայրական ձեռքերուն մէջ։

 

Մարեմեան աղօթքէն ետք, Սրբազան Քահանայապետը, ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, ակնարկեց շաբաթ` 16 ապրիլին Լեզւոս կղզի կատարած հովուական այցելութեան, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարք` Բարթողոմէոսի եւ Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Հիերոնիմոսի հետ միասին, գաղթականներուն եւ Յոյն ժողովուրդին տանելու Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը։

 

Այնտեղ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հանդիպեցանք ցաւին, Իրաքէն, Աֆղանիստանէն, Սուրիայէն, Ափրիկէէն ու այլ երկիրներէն բազմաթիւ անհատներու հանդիպեցանք, ու անոնց մէջ կային նաեւ բազմաթիւ մանուկներ։ Մանուկներ որոնք ականատես եղան իրենց ծնողաց կամ բարեկամներու մահուան.... ես ականատես եղայ դաժան ցաւին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը,  ու ակնարկեց մէկ գաղթականի  հետ ունեցած զրոյցին, որուն ընթացքին իսլամ երիտասարդ հայր մը, Ֆրանչիսկոս Պապին պատմեց թէ ինք ամուսնացած էր քրիստոնեայ կնոջ մը հետ­, ու կազմած էին բարի ընտանիք մը, երկու զաւակներով։ Սակայն` Իսլամ ծայրայեղականները իմանալով անոր քրիստոնեայ ծագումի մասին, ուզեցին բռնի կերպով դարձի բերել զայն, ուր երբ ան մերժեց այդ առաջարկը` զինք գլխատեցին։ ''Մարտիրոս մըն է այդ կինը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը յուզումով,  հուսկ ակնարկեց անցեալ գիշեր Էքուատորը հարուածող զօրեղ երկրաշարժին ու խնդրեց աղօթել այդ ժողովրդուին համար, ինչպէս նաեւ Ճափոնցի ժողովուրդին համար,ապա յայտնեց թէ այսօր կը նշուի Կոչումներու ի սպաս աղօթքի համաշխարհային օրը, եւ թէ այս օրուան առթիւ, առաւօտեան` ձեռնադրած էր 11 նոր քահանաներ։ Նորօծ քահանաներուն եւ անոնց ծնողաց նորոգելով իր ողջոյնը­­,  Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրեց բոլոր քահանաներն ու նորընծաները մասնակցելու Յունիս ամսուայ սկիզբը նախատեսուած` Քահանաներու եւ նորընծաներու Յոբելեանին։  Ան ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած ուխտաւորները իր զօրակցութիւնը յայտնելով յատկապէս իտալացի` ''հեռաձայնական'' կեդրոններու մէջ  աշխատաւորներուն, հաստատելով թէ ''ամէն բանէ առաջ հարկաւոր է որ մարդկային արժանապատուութիւնը գերակայէ''։

Նորին Սրբութիւնը Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց ներկաներուն մաղթելով բարի Կիրակի եւ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.